Լիբանանի Երիտասարդութեան Հարցերու Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարը Հաստատեց, Որ 27 Ապրիլէն Ետք Երեւանէն Լիբանան Պիտի Վերադարձուին Լիբանանցիները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լիբանանի Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, 21 Ապրիլի երեկոյեան, վարչապետարանին մէջ, վարչապետ Հասսան Տիապի ներկայութեան գումարուած ժողովին անգամ մը եւս արծարծեց Երեւան գտնուող եւ Լիբանան գալ փափաքող լիբանանցի քաղաքացիներուն հարցը: «Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ նախարարը մեծապէս անհրաժեշտ նկատեց, որ այս պարագան սերտուի եւ լուծում տրուի անոր:

Հաստատուեցաւ, որ անհրաժեշտ քայլերու պիտի դիմուի, որպէսզի 27 Ապրիլէն ետք Երեւան-Պէյրութ յատուկ թռիչքով Հայաստան գտնուող եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ արձանագրուած լիբանանցիները վերադառնան Լիբանան: