Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները 21 Ապրիլին Առցանց Հանդիպում Պիտի Ունենան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Ապրիլ
20-ին առցանց հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացի վերջին զարգացումները:

Արտաքին գործոց նախարար Մնացականեան անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններուն։

Կողմերը ընդգծեցին «Քորոնա» ժահրին դէմ համաշխարհային պայքարի ծիրին մէջ զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման հրամայականը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան ստեղծուած պայմաններուն մէջ աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովման քայլերուն ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ, համաձայնութիւն գոյացաւ Ապրիլ 21-ին կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առցանց հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։