Թուրքիան Մինչեւ Վերջ Ղարաբաղեան Տագնապը Լուծելու Հարցին Մէջ Պիտի Աջակցի Ատրպէյճանին. Էրտողան

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, Ատրպէյճանի ցաւը Թուրքիոյ ցաւն է։ Սեպտեմբեր 15-ին, այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` թրքական Կովկասեան բանակին նուիրուած հեծելազօրքի շքերթի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Ընդգծելով, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի կարեւորագոյն գործընկերն է, յատկապէս քաղաքական եւ զինուորական ոլորտներուն մէջ, Էրտողան հաւաստած է, թէ Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի աջակցի Ատրպէյճանի ջանքերուն, վերջինիս համար ծանրագոյն խնդիրը` ղարաբաղեան տագնապը լուծելու հարցին մէջ:

«Ժամանակը եկած է վերջ դնելու սպասումներուն մեր աւելի քան մէկ միլիոն եղբայրներուն, որոնք տարիներ շարունակ կ՛ապրին հայրենիքի կարօտով: Անոնք, որոնք բռնագրաւուած կը պահեն եղբայրական Ատրպէյճանի տարածքին 20 առ հարիւրը, ի զուր մեզմէ սահմանի բացում կ՛ակնկալեն: Տուեալ հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը յայտնի է, յստակ է եւ ճշգրիտ»,- յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով,- «Այդ հարցին մէջ առաջին քայլին պէտք է ձեռնարկէ բռնագրաւողը»:

Էրտողան միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Թուրքիա կ՛ուզէ բարելաւել կամ «շարունակել բարի կապերը» բոլոր դրացիներուն հետ, սակայն, անոր համաձայն, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը կը հանդիսանայ Հայաստանի հետ կապերու վերսկսման կարեւորագոյն պայման: