
Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Անդամներուն Նախաձեռնած Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շարադրական Եւ Գծագրութեան Մրցումներուն Ժամկէտը Կ՛երկարաձգուի
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրութեան եւ գծագրութեան մրցումներ, որոնց կրնան մասնակցիլ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու 9-12րդ դասարաններու աշակերտները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ» օրաթերթէն։
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրարանցումին հետաւանքով, կազմակերպիչները որոշած են ստեղծագործութիւններուն ներկայացման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 1 Յունիս։
Շարադրութիւնը պէտք է գրուի իբրեւ դիմում՝ Սաքրամենթօ գտնուող Քալիֆորնիոյ թանգարանի տնօրէնութեան, համոզելու համար զայն, որ Քալիֆորնիոյ մէջ ապրող կամ նահանգին հետ սերտ կապեր ունեցող ամերիկահայ անձնաւորութիւն մը պէտք է ներկայացուի թանգարանի «Հռչակի սրահ»ին մէջ:
Գծագրութեան այս տարուան մրցանքին նիւթը «Միջմարդկային յարաբերութիւններ» է։
Շարադրութիւնները կամ ստեղծագործութիւնները պէտք է յղուին 1915essay@gmail.com հասցէին: Իւրաքանչիւր մրցանքի առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 1000 տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները՝ յաջորդաբար 750 եւ 500 տոլար։
Մրցանքներու պայմաններու մանրամասնութիւններուն համար այցելել http://asbarez.com/191304 կայքէջը: