«Ցաւի Գոյնը». Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Նկարաշար

Այլեւայլ, Հայաստան
Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն ընդառաջ՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը սկսած է «Ցաւի գոյնը» խորագիրը կրող առցանց նախագիծ, որուն ծիրէն ներս հրապարակած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածուին պատկանող հայ նկարիչներու շարք մը աշխատանքներ` նուիրուած մարդկութեան դէմ իրականացուած մեծագոյն աղէտներէն մէկուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի Facebook-ի էջէն։ Այս ստեղծագործութիւններուն մէկ մասը զետեղուած է արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի «Ցաւի գոյնը» պատկերագիրքին մէջ։ Արուեստը իբրեւ արտայայտչամիջոց ընտրելով եւ ոգեկոչելով անմեղ զոհերու յիշատակը՝ կ՝առաջարկուի նկարաշարէն ընտրել ցանկացած ստեղծագործութիւն եւ համապատասխան նիւթով եւ hashtag-ով տեղադրել անձնական էջին վրայ: