ՀՅԴ ՀԵՄ-ն Ու ՆԱՈՒՄ-ը Դրամահաւաքի Կը Ձեռնարկեն՝ Կարիքաւոր Հայրենակիցներուն Օգնելու Նպատակով

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը ու ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը յայտարարութեամբ հանդէս եկած են` նշելով, որ կը մեկնարկէ դրամահաւաք, որմէ գոյացած միջոցներով միութիւնները պիտի օգնեն մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն:

կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ.

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Հաշուի առնելով, որ մեր հազարաւոր քաղաքացիներ այս օրերուն մենակ մնացած են ճգնաժամի դէմ պայքարին:

Մեկնելով մեր ընկերվարական գաղափարախօսութենէն

հաւատալով, որ հասարակութեան առաւել ապահով ներկայացուցիչները պատասխանատու են աւելի կարիքաւորներու համար

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւն միութիւնները կը մեկնարկեն դրամահաւաքի, որմէ գոյացած միջոցներով պիտի օգնենք մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն:

միացիր մեզի եւ օգնէ մէկ ընտանիքի դիմագրաւելու ճգնաժամը:

Դրամահաւաքին կրնալ միանալ իւրաքանչիւրը` որեւէ չափի գումար փոխանցելով ‼ 19300995959701 ‼ հաշուեհամարին:

Իւրաքանչիւրիս մասնակցութիւնը էական է:


#Օգնիրհայրենակցիդ
#Միասինկհաղթենք
#ՀՅԴ
#COVID19