
Տխուր Զատիկ (Խոհեր)
Աւետիս Ռազմիկ
2020-ի Ծաղկազարդը, Աւագ Շաբաթը եւ յատկապէս Զատիկը անջնջելիօրէն դաջուած պիտի մնան ժամանակակիցներուս յիշողութեան մէջ:
Տխուր Զատիկ…: Մի՞թէ կարելի է այլ կերպ բնորոշել: Մի՞թէ չէին մղկտար սիրտերը բոլորին՝ թացոտ աչքերու անզսպելի արտայայտութեամբ: Ընդվզումն ու մռայլ հոգեվիճակը չէ՞ր համակեր ամենուր: Կքած չէի՞ն հոգիները. թախծօրէն չքացած չէի՞ն ժպիտները: Սարսռալի տագնապանքը իր զարհուրելի հեռանկարներով մի՞թէ չէ սեղմած կոկորդները: Անորոշութեան անդոհանքը չի՞ մրճահարեր ուղեղները: Մթագնած հորիզոնը անգթօրէն չի՞ պատանքեր մարդոց խռովայոյզ առօրեան՝ իր վաղուան կարիքներով եւ գալիք անձկութիւններով:
Տխուր Զատիկ…: Անդաճմունքով ճնշեալ Զատիկ:
Անթիլիասի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի բեմէն, բռնախլեալ Կիլիկիոյ նուիրուած յուզաթաթաւ երգին կշռոյթներուն տակ, Արամ Վեհափառին արտասուաթոր աչքերն ու կերկերուն ձայնով Քրիստոսի հրաշագեղ յարութեան շնորհաւորանքը, իր վրայ սեւեռեց օրուան խորհուրդը, համընդհանուր գորշ մթնոլորտը եւ այն ծանր ապրումները, որոնք ալեկոծած են հոգիները: Կարծէք Վեհափառը անմռունչ թարգմանը կը հանդիսանար օրուան խռովքին, հանուր ժողովուրդին զգացական ու հոգեկան փոթորկայոյզ ներաշխարհին:
Ինչպէ՞ս չյուզուէր Վեհափառը, երբ Կիլիկիա մեղեդիին թրթիռները յուզականօրէն կ’արձագանգէին ամայեացեալ տաճարին կամարներուն ներքեւ. թափուր նստարանները կը յուշէին սուգի եւ տխրամած երեւոյթի մը մասին, այն պահուն՝ երբ պիտի աւետէր հրաշափառ յարութիւնը Խաչեալին… «մահուամբ զմահ կոխեաց եւ զյարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. նմա փառք յաւիտեանս ամէն»:
Դեռ երէկ էր, որ Ծաղկազարդի օրը, եկեղեցիներու բակերը կը խռնուէին մանուկներն ու պատանիները իրենց ախորժալուր եւ կենսուրախ ճռուողիւնով: Անոնք երկար մոմերու շքեղազարդ թափօրներով, պլպլուն հանդերձներով եւ պճլտուն աչքերով յոյս ու հաւատք կը ներշնչէին իրենց բոլորշին: Ծաղկազարդը տարեկան ժամադրապահն էր ընտանիքներու հանդիպման, որոնք նորածիլ մանկիկներ գրկած կը փութային եկեղեցի, զիրար ողջունելու եւ ապա տարուէ տարի նորածիններ կը դառնային մանուկներ, մանուկներ՝ պատանիներ, պարմանիներ՝ երիտասարդներ, իսկ շատ մը նորապսակներ՝ հետզհետէ կը միանային անոնց՝ իրենց բալուլածածկ ծծկերներով :
Սակայն, տխրօրէն տարբեր եղաւ 2020-ին: Ակամայից յիշեցնելով Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի հայոց անմարդաշունչ վանքերն ու տաճարները, դաբիրներն ու մատուռները:
Ինչպէ՞ս աղի արտասուքը չխուժէր Վեհափառին աչքերուն, երբ Քրիստոսի յաղթական յարութեան պատգամին անհաղորդ պիտի մնային հայորդիք. չկային խուռներամ հաւատացեալներու հիացական հայեացքները, աղօթքի եւ հայոց վերապրումին վկաները, հաւատքի ու կամքի փթթող երիտասարդութիւնը. չկային յուսավառ ու լուսավառ երամ երամ խլրտացող պատանեակները: Լուռ էր չորսիդին: «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց», «Ցանկամ Տեսնել Զիմ Կիլիկիա» եւ ապա՝ «Երթամ Ննջեմ զիմ Կիլիկիա»:
Իրօք պակուցիչ էր այդ պահը՝ զորս ափէ ափ կլանեց, արձանացուց մարդոց էութիւնն ու յուզումնալից խոկումները:
Տարօրէն անմոռանալի դարձաւ 2020-ի զատկական ցնծատօնը՝ դառնալու համար ցաւատօն մը սոսկալի: Տխուր Զատիկ… առանց հաւկթախաղի Զատիկ:
Ինչպէ՞ս չհեծէր Վեհափառը, երբ քաջատեղեակ ենք բոլորս, թէ անհամար ընտանիքներ ինկած են տնտեսական հեղձուցիչ պայմաններու տակ. չորաբեկի կարօտ մարդոց թիւը կը ծաւալի անհամեմատօրէն եւ թշուառութիւնը սկսած է թակել դռները շատերուն: Մօտիկ անցեալին գործազրկութիւնն էր, չարաշահութիւնն էր չարիքին արմատը. անարդարութիւնն էր թիրախը: Իսկ ահա հիմա համաճարակը իր աղէտալի խորշակով կրնայ հնձել կեանքեր, քանդել կառոյցներ, փակել կրթօճախներ, փլուզել ողջ համակարգ մը՝ դեռ վերջերս ամուր թուացող:
Տխուր էր Զատիկը անտարակոյս:
Եւ այս՝ բովանդակ մարդկութեան համար:
***
Բայց… հայութեան համար մի՞թէ նորութիւն է այս, ինչ որ կը պատահի: Չմոռնանք, որ մենք շատ աւելի ամեհի պատուհասներ դիմակալած ենք, գոյատեւած, ոգեզինուած եւ վերածնած հրաշալի յարութեամբ՝ Քրիստոսի իսկ օրինակով: Բարկ անապատներու, նախճիրի, սուրի ու սովի, եաթաղանի ու սրածութեան Գողգոթան անգոսնելով հայուն զարմանահրաշ վերածնունդը, այսօր, թող ըլլայ ուղեցոյցը մեր կամքին: Վկան այն հաւատքին՝ որ մեր մեծ հայրերը կը կրէին իրենց պինդ կուրծքերուն տակ եւ փոխանցեցին իրենց կրանիթեայ վճռականութեամբ: Եկեղեցւոյ մէջ, երբ հաւաքական խոստովանութեամբ կը մեղանչենք մեր մեղքերուն համար, «մեղայ»ականներու շարքին կայ յուսահատութիւնը նաեւ: Հետեւապէս, յուսահատութիւնը պիտի չըլլայ յաղթական:
Յուզմունքն ու խռովքը մարդկային ու բնական զգացումներ են, անհրաժեշտ նոյնիսկ: Բայց յուսահատութի՞ւնը՝ քա՛ւ լիցի, որովհետեւ վստահ ենք որ այս չարայուշ օրերը պիտի անցնին, պիտի մնան պատմութեան էջերուն մէջ եւ պիտի բացուի արշալոյսը վա՛ռ հագած:
Այսօր, մեր կէտ նպատակը պիտի ըլլայ յուսադրել ժողովուրդը, զայն ոգեշնչել լաւատեսութեամբ եւ ուսընդուս առաթուր կոխել աղէտը եւ ապա շարունակել կեանքը: Եւ ի՞նչ է ղեկավարի, առաջնորդի եւ հրամանատարի առաջին եւ գլխաւոր դերը՝ եթէ ոչ՝ գօտեպնդել եւ խիզախութեամբ լիցքաւորել բազմութիւններն ու յետնորդ շարքերը:
Տխուր էր Զատիկը: Սակայն պիտի տեսնենք այգաբացը: