
Նախարար Թորոսեան Խօսած է Իրավիճակի Հնարաւոր Անվերահսկելի Շեմին Մասին
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր չէ բացառած, որ հնարաւոր է գայ պահ մը, երբ առողջապահական համակարգը զբաղի միայն միջին եւ բարձր ծանրութեան հիւանդներով, իսկ թեթեւ ծանրութեամբ հիւանդներուն պարզապէս ցուցուի բուժուիլ տունը:
«Կրնայ նման կէտ գալ, երբ այլեւս հնարաւոր չըլլայ որեւէ նոր դէպքի ետեւէն երթալ, գտնելու` թէ ան ուրկէ յառաջացած եւ որուն հետ շփուած: Այստեղ կրնան ըլլալ տարբեր առարկայական պատճառներ: Քանի որ ժահրը շատ յաճախ կը տարածուի հանդիպակած գիծի եղանակով, դժուար պիտի ըլլայ յայտնաբերել բոլոր շփում ունեցողները»,- mediamax-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է ան:
Թորոսեան ընդգծած է, որ դեռեւս իրավիճակը վերահսկողութենէն դուրս գալու շեմէն շատ հեռու կը գտնուինք, եւ կառավարութեան խնդիրն է ամէն ինչ ընել` ատոր չհասնելու համար:
Նախարարը յայտնած է, որ բացի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն, կը նախատեսուի մահճակալներ տեղադրել բոլոր մարզերու մէջ, ուր առանձնացուած են մարզադահլիճներ ու դահլիճներ. «Անհրաժեշտութեան պարագային անոնք պիտի վերածուին հիւնադանոցներու` միջին ծանրութեան հիւանդներու համար»:
Թորոսեանը աւելցուցած է նաեւ, որ յատուկ չուերթով Չինաստանէն Հայաստան պիտի բերուի թոքերու արհեստական օդափոխութեան աւելի քան 100 սարք: Ունին եւս 50 սարքի պատուէր, որուն մէկ մասը Հայաստան պիտի հասնի Ապրիլի, միւսը` Մայիսի կիսուն:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարը կառավարութեան նիշտի ժամանակ տեղեցակցուցած է, որ Հայաստանի մէջ այսօր արդէն 9 բժշկական կազմակերպութիւն կը զբաղի միայն «Քորոնա»ով վարակուածներու բուժումով:
Անոնք են` Նորքի ինֆեկցիոն հիւանդանոցը, Նորք Մարաշի օրթոպեդիայի ինստիտուտը, Ոստիկանութեան հոսպիտալը, «Սուրբ Աստուածամայր» Բկ-ի ծննդատան մասնաշէնքը, Արտաշատի ԲԿ-ն, Գիւմրիի եւ Վանաձորի ինֆեկցիոն հիւանդանոցները, Կապանի ԲԿ-ի առանձին մասնաշէնքը:
«Հաշուի առնելով վարակուածներու թուի մեծացումը` որոշում կայացուցած ենք, որ հանրապետութեան ամենամեծ բժշկական կեդրոնը` «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցը նոյնպէս պէտք է ամբողջութեամբ գործունէութիւն ծաւալէ որպէս «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի հիւանդանոց:
Ան այսօր ամբողջութեամբ կը դատարկուի, այնտեղի վերակենդանացման բաժանմունքի հիւանդները կը տեղափոխուին այլ հիւանդանոցներ: Ասիկա մեզի թոյլ կու տայ դեռ երկար ժամանակ ունենալ բաւարար մահճակալային ֆոնդ»,- կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է Արսէն Թորոսեան: