Ապրիլ 2. Ամօթաբեր, Տխրալի ու Մտահոգիչ Օր Մեզի Համար

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արմէն Մուշեղեան

Ապրիլ 2-ն է:

Ամօթալի այս օրը, 2013թ., դաւադիր տականքի կրակոցէն սպաննուեցաւ Պռոշեանի Գիւղապետ, «Մարտական Խաչի Ասպետ», ազատամարտիկ, դաշնակցական, մեր մարտական ընկեր` Հրաչ Մուրատեանը:

Դաւադիր կազմակերպուած սպանութիւն, որ անցած է 7 տարի, բայց մինչեւ հիմա սպանութիւնը դեռ բացայայտուած չէ:

2016թ-ին տեղի ունեցաւ Ապրիլեան պատերազմը, որ հայրենիքի բազում նուիրեալներու կեանքեր խլեց:

2017թ-ին, Ապրիլեան պատերազմի տարելիցին օրը, նշանակուեցան ՀՀ ԱԺ ընտրութիւնները, որուն հաղթանակը նախորդ տխրահռչակ ՀՀԿ-ը իշխանութիւնը ողջունեց տօնական հրավառութիւններով:

Ապրիլ 2, որ ամօթաբեր, տխրալի օր է ու մտահոգիչ՝ մեզի համար: