ԱԺ-ն Չընդունեց Վարակուածներու Հետ Կապ Ունեցածները Գտնելու Համար Հեռախօսազանգերը Ստուգելու Նախագիծը

Հայաստան

ՀՀ ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ չընդունեց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերուն փաթեթը, որմով «քորոնա» ժահրով վարակուած անձերուն հետ կապ ունեցողները հնարաւորինս շուտ գտնելու նպատակով կ՝առաջարկուէր ստուգել հեռախօսազանգերուն փաստը:  

Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Արտակարգ դրութեան իրաւական իրավիճակի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին եւ «Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերուն փաթեթը ԱԺ Մարտ 31-ի նիստին չընդունուեցաւ՝ ստանալով 65 կողմ ձայն: Անհրաժեշտ էր 67 կողմ ձայն։ Իշխող խմբակցութեան պատգամաւորները արձանագրուած էին, սակայն քուէարկութեան պահուն դուրս ելած էին դահլիճէն։