Ատրպէյճան Ներթափանցման Փորձ Կատարած է․ Հակառակորդին Կրակոցէն Երեխայ Մը Վիրաւորուած է

Հայաստան

Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը ներթափանցման փորձ կատարած է, հակառակորդը ետ շպրտուած է, սակայն միաժամանակ թիրախի տակ յայտնուած են Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը. Վիրաւորուած է Ոսկեւան գիւղի բնակիչ երեխայ մը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Այսօր ժամը մօտ ժամը 19:00-ին ատրպէյճանական կողմը ձեռնարկած է ներթափանցման փորձի Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական դիրքապահ ուժերու գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդը ետ շպրտուած է, կորուստներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները կը ճշտուին: Հայկական կողմը կորուստներ չունի, գործողութիւններու հետեւանքով թեթեւ վիրաւորուած է երկու զինծառայող: Միաժամանակ, հակառակորդը թիրախի տակ առած է Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է Ոսկեւան համայնքի բնակիչ երեխայ մը, որ այդ պահուն կը գտնուէր պատշգամը»,-յայտնած է Ստեփանեանը:

Ան նաեւ նշած է, որ սահմանին իրավիճակը կայունացնելու եւ ատրպէյճանական զինուած ուժերուայս պարագային` սահմանապահ ուժերու` համաճարակի պայմաններուն մէջ ձեռնարկած անպատկառ գործողութիւնները սաստելու նպատակով ՀՀ զինուած ուժերը պիտի դիմեն իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու, որու հետեւանքների ամբողջ պատասխանատւութիւնը պիտի կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: