Վերջին Մէկ Օրուան Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած 58 Դէպքերէն Մէկը Արձանագրուած է Բուժաշխատողի Մօտ, Մէկ Դէպք ալ՝ Բանակին

Հայաստան

Այս պահի դրութեամբ ունինք 14 ծանր եւ 1 ծայրայեղ ծանր հիւանդ, սակայն ծայրայեղ ծանրը հաւանաբար դառնայ ծանր, բարելաւում ունինք:

Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, կը յայտնէ Tert.am-ը:

«Եւս 2 ծանր, որոնք կը կարծէինք, որ կը դառնան ծայրայեղ ծանր, մեր բժիշկներու աշխատանքին շնորհիւ հաւանաբար դադրին համարուիլ ծանր եւ կը տեղափոխուին սովորական սենեակ» տեղեկացուց նախարարը` աւելցնելով, որ  վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրի հաստատուած 58 դէպքերէն մէկը արձանագրուած է բուժաշխատողի մօտ, մէկ դէպք ալ կայ բանակի մէջ, որ նախապէս մեկուսացած եղած է:

Արսէն Թորոսեան նաեւ յայտնեց, որ նախորդ օրը մօտ 250 մարդ ինքնամեկուսացումէն, որոշներ` մեկուսացման յատուկ վայրերէն դուրս եկած են:

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան իր հերթին յայտնեց, որ մեկուսացումէն եւ ինքնամեկուսացումէն տասնեակ զինծառայողներ կը վերադառնան ծառայութեան: