«Ազդակ»-ի Տնօրէնութեան Յայտարարութիւնը Իր Ընթերցողներուն

Սփիւռք

Արտակարգ դրութեան հաստատման եւ յատկապէս տեղաշարժերը սահմանափակելու պետական, առողջապահական յորդորներուն ընդառաջ, «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը որոշեց ժամանակաւորապէս «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը սահմանափակել չորս էջի մէջ:

Այս տնօրինումը կը բխի պարտադրուող  աշխատակարգէ`  նուազագոյն անձնակազմով թերթը հրատարակել:

Բնականաբար բովանդակութիւնը առաւելաբար պիտի ունենայ հրատապ լրատուական բնութագիր: Մինչ յօդուածագրական եւ վերլուծական բնոյթի գրութիւններ պիտի շարունակուին տեղադրուիլ կայքին վրայ:

Խմբագրատան, քարտուղարութեան եւ վարչական բաժիններուն հետ կապը պիտի ըլլայ հեռաձայնային կամ առցանց:

Խմբագրութեան ուղղուած գրութիւնները յղել info@aztagdaily.com ե-նամակի հասցէին:

Վարչական բնոյթի` (ծանուցում, մահազդ, բաժանորդագրութեան եւ ցրուումի հետ կապուած հարցեր) aztagmedia@gmail.com ե-նամակի հասցէին:

Ժամանակաւոր կերպով կը դադրի նաեւ թերթի առաքումը գրախանութներ եւ վաճառատուներ կամ գրասենեակներ. թերթը կը շարունակէ հասնիլ բնակարանի հասցէով բաժանորդներուն, ամէն առաւօտ: Անոնք, որոնք կ՛ուզեն թերթը ստանալ իրենց բնակարանային հասցէին, կրնան հեռաձայնել 03-308639 թիւին (նաեւ WhatsApp):

Նման արտակարգ պայմաններու մէջ յաւելեալ  զարկ կը տրուի արագ լրահոսի դրութեան: Կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր «Ազդակ»-ի  լուրերը կը ստանան անոնք, որոնք ներբեռնած են համապատասխան app-ը:

Կ՛ընդգծենք, որ այս դրութիւնը ժամանակաւոր է` յուսալով օր առաջ վերադառնալ աշխատանքի բնականոն հուն:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ