ՊՆ-ն Մշտական Կապի Մէջ Է Խաղաղապահներու Հետ, Զօրախումբի Բոլոր Զինծառայողներու Առողջական Վիճակը Կը Գնահատուի Լաւ. Շուշան Ստեփանեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան անդրադարձած է 168.am-ի այն հարցին, թէ «քորոնա» ժահրի հետ կապուած որքանո՞վ ապահովուած է տարբեր երկիրներու մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայ խաղաղապահներու անվտանգութիւնն եւ ծառայութիւնը։

«ՀՀ զինուած ուժերու խաղաղապահ բաժանմունքը կ՝իրականացնէ միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններ՝ ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ Լիբանանի մէջ, մէկ սպայ՝ Մալիի մէջ, ինչպէս նաեւ` ՆԱԹՕ-ի՝ «Համագործակցութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրով Քոսովոյի, Աֆղանիստանի մէջ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է խաղաղապահներուն հետ, զօրախումբի բոլոր զինծառայողներուն առողջական վիճակը կը գնահատուի լաւ, եւ անոնք անխափան կ՝իրականացնեն խաղաղարար առաքելութիւնը։ Միաժամանակ, ըստ միջազգային չափանիշներու, կ՝իրականացուին նախատեսուած հակահամաճարակային բոլոր քայլերը»,- նշած է Շուշան Ստեփանեան։