
Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը Դատապարտեց Լիոնի Մէջ Վանդալութեան Գործողութիւնը

Մարտ 13 լոյս 14 Լիոնի Անտոնին Պոնսէ հրապարակին վրայ իրականացած էին վանդալութեան գործողութիւններ։ Պղծուած էր այնտեղ տեղայակուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը։
Յուշարձանի որոշ սիւներուն յայտնաբերուած էին անարխիստական գրառումներ։ Տեղեկութիւններ կային նաեւ, որ սիւներուն յայտնաբերած են նաեւ թուքի եւ մէզի հետքեր, իսկ սիւներէն մէկուն վրայ գրուած եղած է «Թուրքիա»։
Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը դատապարտած է վանդալութեան այդ գործողութիւնը եւ որպէսզի կանխուին նմանատիպ արարքները, կոչ ըրած է վերահսկողութիւն սահմանելու յուշարձանի տարածքին վրայ։
Խորհուրդը յայտնած է, որ յուշարձանի պղծման մէջ պատասխանատու են պատկան մարմինները։
Nouvelles d’Armռnie-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յուշահամալիրի սպիտակ սիւներուն վրայ սեւ ներկով գրուած եղած են «A», «B», եւ «C» տառերը, իսկ «A» տառը ներկայացուած է` իբրեւ ծայրայեղ ձախերու նշան:
Համացանցի բազմաթիւ օգտատէրեր նոյնպէս դատապարտած են յուշահամալիրին նկատմամբ իրականացուած վանդալութիւնը, ոմանք ալ նկատած են A.C.A.B յապաւումը («All cops are bastards»), որ յաճախ կ՝օգտագործեն անարխիստները եւ ձախակողմեան հայեացքներ ունեցողները:
Այլ աղբիւրի մը համաձայն՝ «Դեռ չկան կասկածներ իրական մեղաւորների մասին, սակայն ասիկա հաստատ Եւրոպայի ձախականներու ձեռքին գործը չէ»։
Նշուած է, որ ձախակեդրոնական ակտիւիստները կ՝ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը քննադատեն Օսմանեան կայսրութիւնը՝ անոնց գործողութիւնները որակելով ամբողջ ազգի մը անմարդկային ակտ։ Ատոր մասին գրուած է քանի մը հատոր, ինչպէս մարքսիստական հեղինակներու, այնպէս ալ ձախակեդրոն ակտիւիստներու կողմէ։ Ձախականները չեն ունեցած խնդիրներ հայերուն հետ, իսկ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ունին խնդիրներ, եւ անոնք կրնային նման վանդալութեան հեղինակ ըլլալ՝ հանդէս գալով այլ շարժումներու անուան տակ։
«Այս պահուն չկան ենթադրութիւններ, թէ ովքեր են իրական մեղաւորները, այդուհանդերձ ահազանգ եղած է Ֆրանսայի ոստիկանութեան, որպէսզի անոնք յստակեցնեն՝ ինչ կատարուած է, եւ դադրեցնեն վանդալութեան գործողութիւնները Ֆրանսայի մէջ»։

