60 Տարուան Դադարէ Մը Ետք Մոսկուայի Մէջ Ներկայացուած է «Գայիանէ» Պալէն

Աշխարհ, Հայաստան

60 տարուան դադարէ մը ետք, Յուլիս 24-ին, Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ ներկայացուած է Արամ Խաչատրեանի «Գայիանէ» պալէն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ պալէի ներկայացումը նուիրուած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին, Երեւանի 2800 եւ մեծանուն երաժշտահանի ծննդեան 115-ամեակներուն:

Պալէն ունկնդրած են ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:

Մինչ պալէի սկսիլը՝ ելոյթով հանդէս եկած են Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեան, ՌԴ մշակոյթի նախարար Վլատիմիր Մետինսքին եւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանթին Օրբելեանը:

 

Leave a Reply