
Սահմանադրական Հանրաքուէն Պիտի Յետաձգուի
Ապրիլ
5 -ին նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի յետաձգուի։ Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին՝ պատասխանելով «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանի հարցումին։
Վարչապետը նշեց, որ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ կարելի չէ հանրաքուէ կատարել։ Ան ըսաւ, որ արտակարգ դրութեան աւարտէն ոչ առաջ քան 50 օր եւ ոչ ուշ քան 60 օրուան ընթացքին պիտի կատարուի հանրաքուէ։
Այդ կը նշանակէ, որ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 24 Յունիսէն մինչեւ 4 Յուլիս երկարող ժամանակաշրջանին։