ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Դիմումը` ՀՀ Քաղաքացիներուն, ՀՀ Կառավարութեան

Հայաստան

ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ,

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Քորոնա» ժահրի համաշխարհային վարակը չէ շրջանցած նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` լրջագոյն մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու առջեւ կանգեցնելով թէ՛ մեր ազգաբնակչութիւնը, թէ՛ մեր պետականութիւնը:

Իրավիճակի ծանրութիւնը, մեր ազգային անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքներն ու վտանգները, աւելի քան երբեւէ, կը պահանջեն ներազգային միասնականութիւն եւ համախոհութիւն` համազգային ջանքերով յաղթահարելու եւ կանխելու վարակի հնարաւոր տարածումը, ինչպէս նաեւ անոր բացասական հետեւանքներն ու ազդեցութիւնը մեր ազգային հաւաքական շահերուն վրայ:

Գնահատելով ստեղծուած կացութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը.

Կը դիմէ մեր հայրենակիցներուն` կոչ ընելով զգօն ըլլալու եւ չմատնուելու խուճապի:

Կը դիմէ ՀՀ կառավարութեան`

պատրաստակամութիւն յայտնելով իր համահայկական կառոյցի կազմակերպական եւ մասնագիտական ողջ կարողականութեամբ ու ներուժով ներգրաւուելու ԱՐՏԱԿԱՐԳ իրավիճակով պայմանաւորուած աշխատանքներուն եւ գործողութիւններուն մէջ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

16.03.2020 թ.