
Սթրազպուրկի Քաղաքապետի Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Առաջատարը Հայ Թեկնածու Ժաննա Բարսեղեանն է
Սթրազպուրկի Քաղաքապետի Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Առաջատարը Հայ Թեկնածու Ժաննա Բարսեղեանն է
Ֆրանսական Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած է քաղաքային ընտրութիւններու առաջին փուլը, որուն կը մասնակցէր հայ բնապահպան Ժաննա Բարսեղեանը:
Այս մասին, tert.am-ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ rusarminfo.ru կայքը:
Առաջին փուլէն ետք Բարսեղեան ամենէն շատ
ձայները հաւաքած է, ընդհանուր ձայներու
27,6%-ով: Երկրորդը՝ Ալիոնա Ֆոնթանելան է, որ հաւաքած է ձայներու
19,8%-ը:
Առաջին փուլին ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ցած է, որուն պատճառը Եւրոպայի մէջ Թագաժահրի տարածումն է:
Նոր քաղաքապետը պիտի որոշուի ընտրութիւններու երկրորդ փուլով: