Կառավարութիւնը Մինչեւ Ապրիլ 14 Հայաստանի Ողջ Տարածքին Յայտարարեց Արտակարգ Դրութիւն

Հայաստան

Հայաստանի կառավարութեան արտահերթ նիստին Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան ընթերցեց Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին կառավարութեան որոշման նախագիծը:

Ըստ որուն, որոշում տրուեցաւ, որ այսօր` ժամը 18:30-էն մինչեւ Ապրիլ 14` ժամը 17:00-ը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը յայտարարուի արտակարգ դրութիւն: Արտակարգ դրութիւնը պայմանաւորուած է Թագաժահրի տարածման հետ: