ԱՄՆ-ի Մէջ Առաջին Կամաւորը Պսակաձեւ Ժահրի Դէմ Պատուաստանիւթի Փորձնական Դեղաչափը Պիտի Ստանայ

Աշխարհ

Պսակաւոր ժահրի պաշտպանութեան համար պատուաստանիւթի դարմանատնային փորձարկումներու առաջին մասնակիցը փորձնական դեղաչափը պիտի ստանայ այսօր։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին հաղորդած Է AP գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով կառավարութեան աղբիւրը:
Սիէթըլի Kaiser Permanente Washington Health Research Institute հետազօտական կեդրոնին մէջ փորձարկումները պիտի անցնի 45 երիտասարդ, առողջ կամաւորներու վրայ պատուաստանիւթի տարբեր դեղաչափերով, որ մշակած են ԱՄՆ-ի Առողջապահութեան ազգային հիմնարկը (NIH) եւ Moderna Inc. ընկերութիւնը:
Առողջապահութեան բնագաւառի աղբիւրները կը նշեն, որ հաւանական պատուաստանիւթի լիարժէք ներդրման համար կը պահանջուի 12-էն մինչեւ 18 ամիս:
«Գիտափորձի մասնակիցներու վարակման հաւանանականութիւնը բացառուած Է, քանի որ նմուշները ժահր չեն պարունակեր: Փորձարկման խնդիրն է՝ համոզուիլ, որ պատուաստանիւթերը լուրջ կողմնակի հետեւանքներ չունին, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ ձեռնամուխ ըլլալ աւելի լայն փորձարկումներու»,- նշած Է գործակալութեան աղբիւրը:
Բացի այդ, Inovio Pharmaceuticals ընկերութիւնը կը փորձէ իր պատուաստանիւթի փորձարկումները քանի մը տասնեակ կամաւորներու մասնակցութեամբ սկսիլ յաջորդ ամիս Փենսիլուանիոյ համալսարանին եւ Միսուրիի նահանգի Քանզաս Սիթի փորձարարական կեդրոնին մէջ։