
Պարսելոնայի Մէջ Գործող Հայ Վարորդները Կ՝առաջարկեն Անվճար Տեղափոխել Բուժաշխատողները
Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ
պսակաւոր ժահրի
տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին հետ կապուած՝ Taxi ծառայութիւն մատուցող հայ վարորդները
հանդէս եկած են
նախաձեռնութեամբ: Այս
մասին, Facebook-ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը:
«Taxi-ի հայ վարորդները այս դժուար պահերուն կ՝առաջարկեն անվճար տեղափոխել
բուժաշխատողները»,- նշած է դեսպանատունը՝ կիսուելով Facebook-ի վրայ «Los Armenios» խումբին մէջ տեղադրուած՝ բժիշկները անվճար տեղափոխելու մասին
յայտարարութիւնը: Մարտին Կիրակոսեանը, Անդրանիկ Պետրոսեանը, Աբարահամ Յակոբեանը,
Էդգար Աւետիսեանը, Արթուր Մարտիրոսեանը, Արմէն Ազարեանը, Հայկ Եղիկեանը, Դաւիթ
Փիլոսեանը եւ ուրիշներ յայտարարութեան հետ միասին հրապարակած են իրենց
հեռախօսահամարները:
Յայտարարութեան տակ՝
բազմաթիւ օգտատէրեր՝
իրենց շնորհակալութիւնը
կը յայտնեն հայ վարորդներուն նման մարդասիրական
նախաձեռութեան համար: Շատ շնորհակալութիւն, գերազանց նախաձեռնութիւն, կեցցէք,
ծափահարութիւններ ձեր համերաշխութեան համար. այս եւ այլ ձեւակերպումներով արձագանգած են օգտատէրերը: