
Հայաստանի Մէջ Պարէնի Խնդիր Չկայ. Վարչապետը Չափազանցուած Գնումներ Չընելու Կոչ Ըրաւ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքացիներուն կոչ ըրաւ չափազանցուած գնումներ չընելու, քանի որ Հայաստանի մէջ պարէնի հետ կապուած խնդիր չկայ: Այս մասին վարչապետը յայտնեց Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերի ընթացքին:
«Պարէնի հետ կապուած խնդիր չունինք, եթէ ըլլայ, մենք այդ հարցն ալ կը կարգաւորենք: Կը խնդրեմ չափազանցուած գնումներ չընել, աւելորդ իրարանցում չտարածել, վստահիլ միայն կառավարութեան եւ պետական մարմիններուն կողմէ տարածուող լուրերուն»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը նաեւ նշեց, որ ասիկա ճգնաժամ է, բայց այս ճգնաժամէն պէտք է դուրս գանք շատ աւելի զօրացած:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ պսակաւոր ժահրի հաստատուած դէպքերուն թիւը հասած է 30-ի: