Փաշինեան Ընդունած է Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Անդամները

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վարչապետը կարեւոր համարած է հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ու ամրապնդման ուղղուած բարեկամութեան խումբի գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատած Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ միջպետական համագործակցութեան մակարդակը: Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ Ֆրանսա կատարելիք իր այցը եւս պիտի նպաստէ երկկողմ կապերու յետագայ խորացման: Միաժամանակ, կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանը անմիջականօրէն կը պատրաստուի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին եւ վստահութիւն յայտնած, որ անիկա պիտի իրականացուի բարձր մակարդակով:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութենէն եւ կարեւոր համարած տնտեսական կապերու ընդլայնումն ու զարգացումը, ներառեալ՝ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու շարունակական աճը:

Կողմերն անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, տարբեր ուղղութիւններով իրականացուող բարեփոխումներուն, ինչպէս՝ ժողովրդավարութեան զարգացման, ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններուն, գործարար միջավայրի բարելաւման, հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան պարզեցման, ներդրումներու խթանման եւ այլ թեմաներու: