ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը:

ՀՀ նախագահի գրասենեակի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան ՀՀ նախագահին ներկայացուցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու` օրերս Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի աշխատանքի արդիւնքները եւ 2020-ի ծրագիրները: Անդրադարձ եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին եւ Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակին կապակցութեամբ նախապատրաստուող ձեռնարկներուն:

Հանդիպման ընթացքին խօսուած է նաեւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին, համահայկական օրակարգի խնդիրներուն եւ ազգային տարբեր ծրագրերու շուրջ համագործակցելուն մասին: