ՀՀ Վարչապետը Պաշտօնական Այցով Վրաստան Մեկնած է
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցով մեկնած է Վրաստան:
Վրաստանի վարչապետի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է, որ դիմաւորման արարողութենէն ետքՎրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիայի հետ պիտի քննարկեն հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը։
