Յարգանքի Եւ Գնահատանքի Յուշանուէրներու Յանձնում. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Համազգայինի 90-ամեակին առիթով պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ա. վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծոռան` Քսենիա Օրլովային եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան (օրին` ընկերակցութեան) հիմնադիր` Համօ Օհանջանեանի թոռան` Էլիզավետա Օհանջանեան-Մեհրապեանին:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ «Նայիրի» բառարաններու գաղափարը մտայղացող եւ զայն իրագործող, ֆորումական (2001) Սէրուժ Ուրիշեանին, եւ այս վերջինին ձեռամբ` Հարօ Մհերեանին (Միացեալ Նահանգներ)` «HySpell» հայերէն ուղղագրիչ ծրագիրի ստեղծման եւ իրագործման համար: Երկու երիտասարդներուն նախաձեռնութիւնները յոյժ գնահատելի են եւ անհրաժեշտ` հայապահպանման սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար:

Թեհրանի հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Վարդանեան Համազգայինի 90-ամեակին առիթով շնորհաւորեց Համազգայինի ամբողջ ընտանիքը Արարատի կեդրոնական վարչութեան անունով եւ յուշանուէր յանձնեց Համազգայինին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

12 Սեպտեմբեր 2018
Երեւան