
Հայաստան «Ամէն Ինչ Կ՛ընէ` Ժահրի Ներթափանցումը Կանխելու Համար»
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր յայտնած է, որ երէկ Իրանէն օդանաւով Հայաստան վերադարձած բոլոր 52 ուղեւորները բժշկական զննութեան ենթարկուած են եւ անոնք առողջ են:
«Մինչ այսօր կատարուած է կասկածելի դէպքերու 95 հետազօտութիւն, բոլորին արդիւնքները եղած են բացասական: Ներկայիս 850 հետազօտութեան նմուշ ունինք, եւս 3000-ը շուտով պիտի ստանանք»,- կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է նախարարը:
Անոր խօսքով` վերջին երկու օրուան մէջ Հայաստանի սահմանը հատած է 69 բեռնատար, որոնց բոլորին ոստիկանութեան եւ հակահամաճարակային ուժերը ուղեցած են:
«Հնարաւոր ամէն ինչ կը կատարուի, որ վարակի ներթափանցումը Հայաստան կանխուի»,- ըսած է նախարարը:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ վերջին տուեալներով արձանագրոածլ է 139 դէպք, որոնցմէ 19-ը` մահացած են:
«Վրաստանի մէջ մէկ դէպք արձանագրուած է: Առաւօտեան խօսած եմ Վրաստանի իմ գործընկերոջ` Եկատէրինէ Տիկարաձէի հետ: Ան տեղեկացուցած է, որ Քորոնա ժահրով ախտորոշուած հիւնադին հետ շփուած 4 անձիք հետազօտուած են եւ անոնց մօտ ժահրը չէ յայտնաբերուած վարակը: Անոնք 2 շաբաթ պիտի մնան մեկուսացման մէջ»,- աւելուցած է ան: