Մեզ Միաւորող Առաքելութեան Մէջ Անկասկած Պէտք է Յաղթենք. Նիկոլ Փաշինեան Ներկայ Եղած է ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Հանդիսութեան

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, ներկայ եղած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարչապետը ՀՄԸՄ-ի բոլոր անդամները ջերմօրէն շնորհաւորած է 100-ամեայ յոբելեանին առիթով եւ խորհրդանշական համարած, որ յոբելինական հանդիսութիւնը տեղի կ՝ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայացած դրամատիկ քաղաքական իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանին:

«Թոյլ տուէք ըսելու, որ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնը ըստ էութեան կեանքի կոչած է ՀՄԸՄ-ի կարգախօսը՝ Բարձրացիր եւ Բարձրացուր: Ի՞նչ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. խեղճացած, կռացած քաղաքացին վեր ելաւ, բարձրացաւ եւ բարձրացուց իր հայրենիքը, իր հայրենիքի անունը, իր կարգավիճակը սեփական հայրենիքին մէջ եւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ամուր կանգնած է իր ոտքերուն վրայ՝ ուղիղ ողնաշարով եւ հպարտ հայեացքով: Ասիկա շատ կարեւոր ձեռքբերում է, բայց ասիկա ամէնը չէ, ինչին մենք կ՝ուզենք հասնիլ: Մենք պէտք է շարունակենք մեր ընդհանուր կարգախօսին իրականացումը եւ շարունակենք բարձրանալ ու բարձրացնել մեր հայրենիքը: Բաւարար չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին այսօր ամուր կանգնած է իր ոտքերուն վրայ բարձր եւ բարձրացուցած իր երկրի, պետութեան հեղինակութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի քաղաքացին պիտի շարունակէ իր ընթացքը, պիտի զարգացնէ, պիտի ճախրէ, պիտի թռչի մեր ազգային եւ պետական երազանքներու մակարդակի: Մենք այսօր բոլորին կոչ կ՝ընենք, սիրելի հայրենակիցներ, եկէք միասին՝ ամբողջ ազգով բարձրանանք եւ բարձրացնենք, մենք Սփիւռքի մեր գործարարները կը հրաւիրենք Հայաստանի Հանրապետութիւն, որպէսզի անոնք իրենց հայրենիքին մէջ, բարձրանան եւ բարձրացնեն, բարձրանան՝ իրենց քաղաքացիական գիտակցութեամբ, օրէնքի առջեւ իրենց ունեցած պարտաւորութեան գիտակցութեամբ եւ բարձրանան իրենց անձնական, խմբային, գործարար յաջողութիւններուն բերումով: Մենք այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգի պետական ծառայողներուն կոչ կ՝ընենք, կ՝ըսենք՝ բարձրացէք եւ բարձրացուցէք մեր հայրենիքը, բարձրացէք ձեր ծառայութեան մէջ, ո՛չ թէ անձնական շնորհներու, ձեռքբերումներու մէջ, այլ անձնական ծառայութեան մէջ մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին: Եւ մենք կ՝ուզենք արձանագրել, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին բարձրանալը իր ետեւէն պէտք է բարձրացնէ ուրիշները, ո՛չ թէ ցածցնէ, ո՛չ թէ յուսահատութեան, յուսալքութեան եւ արտագաղթի անդունդը նետէ մեր միւս հայրենակիցները: Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը չափազանց կարեւոր դեր ունեցած է մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ կը շարունակէ ունենալ սկսեալ հայ ժողովուրդի մէջ մարմնամարզական, մարմնակրթական աւանդոյթներու սերմանումէն, շարունակելով որբախնամ, հայապահպան առաքելութեամբ: Խորհրդանշական է, որ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հիմնուած ՀՄԸՄ-ի 100-րդ տարեդարձը կը նշուի անկախ եւ ազատ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Ասիկա կը խորհրդանշէ նաեւ ապագայի մասին մեր պատկերացումը: Ինչպէս ՀՄԸՄ-ը Կոստանդնուպոլսոյ տափաստաններէն այս 100 տարուան ընթացքին բարձրացաւ դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն, բառիս բուն եւ փոխաբերական իմաստով, այնպէս ալ մենք հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ կը հրաւիրենք բարձրանալու Հայաստան եւ բարձրացնելու Հայաստանը: Ասիկա է այն առաքելութիւնը, որ մեզի կը միաւորէ եւ այս առաքելութեան մէջ մենք անկասկած պէտք է յաղթենք: Եւ ուրեմն կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛նք մենք եւ մեր երեխաները, որ կ՝ապրին եւ պիտի ապրին ազատ ու երջանիկ Հայաստանի մէջ»:

 

 

 

Leave a Reply