
105 Տարի Անց Սուրիան Վերջապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան
Սուրիոյ ժողովուրդը առաջինը գիտցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, քանի որ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ տասնեակ հազարաւոր հայեր արտաքսուած են սուրիական անապատի մահուան դաշտերը։ Տեղի արաբները որդեգրած են մեծ թիւով հայ որբեր՝ զանոնք մեծցնելով իբրեւ իրենց զաւակները: Հալէպի, Ռաքքայի, Տէր Զօրի, Դամասկոսի եւ այլ վայրերու տեղի բնակիչները սրտաբաց ընդունեցին ողջ մնացած հայերը։ Հայերը բնակութիւն հաստատեցին իրենց նոր հայրենիքին մէջ, վերակառուցեցին իրենց կեանքը, վերստեղծեցին իրենց մշակութային կառոյցները, ներառեալ եկեղեցիները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները եւ աստիճանաբար բարգաւաճեցին։
Ես ծնած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, քանի որ գերդաստանիս մէկ մասը վերապրած էր Ցեղասպանութիւնը։ Հակառակ կրօնական տարբերութիւններուն՝ ես ունեցած եմ երջանիկ մանկութիւն եւ չեմ զգացած որեւէ նախապաշարմունք կամ խտրականութիւն։ Սուրիան իր սեփական վէճը ունէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ, ինչպէս Իսքենտերունի (Ալեքսանտրէթ) բռնակցումը Թուրքիոյ 1939-ին, անօրինական հանրաքուէէն ետք: Այնուամենայնիւ, Սուրիոյ կառավարութիւնը դրսեւորելով իսլամական համերաշխութիւն Թուրքիոյ հետ եւ չուզելով թշնամացնել իր աւելի հզօր հիւսիսային հարեւանը, հրաժարեցաւ բարձրացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Կը յիշեմ, որ 1985-ին ՄԱԿ-ի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի քննարկումներուն ընթացքին Սուրիոյ իրաւապաշտպանը ինծի ըսաւ, որ թէեւ ինքը տեղեակ էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, սակայն չէր կրնար քուէարկել յօգուտ զայն ճանչցող զեկոյցի ընդունման, քանի որ զինք կ’ազատէին աշխատանքէ: Ես խնդրեցի իրմէ՝ տուեալ իրավիճակի մէջ քուէարկութեան ժամանակ բացակայիլ դահլիճէն։ Ան այդպէս ալ վարուեցաւ, եւ ՄԱԿ-ի զեկոյցը ընդունուեցաւ ճնշող մեծամասնութեան կողմէն:
2011-ի քաղաքացիական պատերազմին նախորդող տարիներուն՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները այն աստիճան բարելաւուած էին, որ երկու երկիրներու նախագահները յաճախ կը հանդիպէին եւ միասին արձակուրդի կ՝երթային։ Սուրիոյ կառավարութիւնը նոյնիսկ արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքերու վաճառքը Սուրիոյ գրախանութներուն մէջ: Այդ մեղրամիսի տարիներուն ես տեղեկացայ, որ Արամ Ա կաթողիկոսի Դամասկոս կատարած այցին ժամանակ, նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատ անոր ըսած էր, որ հայերը պէտք է մոռնան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, բանան սահմանը եւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատեն Թուրքիոյ հետ:
Երբ 2009-ին այցելեցի Դամասկոս, նախագահական պալատ մուտք ունեցող իմ հայ ընկերը փորձեց ինծի համար հանդիպում կազմակերպել նախագահ Ասատի հետ։ Ես կ՝ուզէի Ասատը նախազգուշացնել, որ անոր մեղրամիսը թուրք նախագահին հետ կրնար յանկարծակի աւարտ ունենալ, եւ Էրտողանը՝ իբրեւ անվստահելի դաշնակից՝ կրնար դաւաճանել իրեն: Ի հարկէ, ես գաղափար չունէի, որ Սուրիա կատարած իմ այցէն երկու տարի անց, զանգուածային ներխուժում պիտի ըլլայ Սուրիա արմատական իսլամական ահաբեկիչներու կողմէն, որոնց կը զինէր եւ կ՝աջակցէր Թուրքիան։ Ցաւօք, ես հնարաւորութիւն չունեցայ հանդիպելու Ասատի հետ։ Անոր աշխատակազմի ղեկավարը հրաժարեցաւ կազմակերպել այդ հանդիպումը՝ իմ հայ ընկերոջ ըսելով, որ չի կրնար արտօնել, որ նման հանդիպում կայանայ՝ հաշուի առնելով իմ բազմաթիւ քննադատական յօդուածները Թուրքիոյ մասին։ Ան ըսաւ, որ Թուրքիան կը խզէ իր բարեկամական յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, եթէ Էրտողանը պարզէ, որ Ասատը հանդիպած էր ինծի հետ․․․
Անցեալ շաբաթ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ «Լուսաւոր Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան լրագրողներուն ըսաւ, որ երբ 2014-ին Սուրիա կատարած իր այցին ընթացքին Դամասկոսի մէջ հանդիպած էր նախագահ Ասատին, վերջինս ըսած էր. «Հայաստանի մէջ ինծի ըսած էին, որ պէտք չէ այդքան վստահիմ Էրտողանին, բայց ես չլսեցի ձեզի»։ 2009 Յունիսին Ասատը պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան։ Սակայն, խախտելով հայկական արարողակարգը, ան հրաժարեցաւ այցելելէ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր Երեւանի մէջ եւ յարգանքի տուրք մատուցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ մտահոգուելով թրքական քննադատութենէն։
2014 Յունուարին նախագահ Ասատը «Ֆրանս-փրէս» գործակալութեանը ասաւ, որ Սուրիոյ նկատմամբ դաժան յարձակումները իրեն յիշեցուցած են «Օսմանցիներու կողմէն հայերու դէմ իրականացուած ջարդերուն մասին, երբ անոնք սպաննած են մէկուկէս միլիոն հայեր, եւ կէս միլիոն ուղղափառ սուրիանիներ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքին վրայ»:
Սուրիական խորհրդարանին կողմէ 2020 Փետրուար 13-ին միաձայն ընդունուած որոշումը Սուրիոյ կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին պաշտօնական ճանաչումն է: Խորհրդարանի բանաձեւին մէջ կը յիշատակուին նաեւ ասորիները եւ սուրիանիները։ Ոմանք իրենց դժգոհութիւնը յայտնած էին, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը վերջապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն այն ժամանակ, երբ անիկա համապատասխանեց իր սեփական քաղաքական շահերուն։ Թէեւ ատիկա ճիշդ է, սակայն հայերը պէտք է իրատես ըլլան: Ոչ մէկ երկիր կ՝ընդունի այնպիսի որոշում մը, որ կրնայ հակասել իր ազգային շահերուն: Ճիշտ է, որ Սուրիոյ խորհրդարանի որոշումը մասնաւորապէս պայմանաւորուած է վերջերս Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններ Թուրքիոյ ներխուժմամբ: Սակայն, որոշումը սխալ չէ, անիկա ճիշդ է։ Երբեք սխալ ժամանակ չըլլար ճիշդ գործեր ընելու համար։ Սխալը այդ տարիներուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալն էր: Այսպիսով Սուրիան Լիբանանէն ետք դարձաւ երկրորդ արաբական երկիրը, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յոյսով ենք, որ արաբական միւս երկիրները, ինչպէս Եգիպտոսը, Իրաքը եւ Յորդանանը, պիտի հետեւին Սուրիոյ օրինակին։
Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման երկու անմիջական օգուտները հետեւեալն են.
1) լրատուամիջոցները անգամ մը յիշեցուցին միջազգային հանրութեան՝ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէն իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ստոր արարքին մասին՝ մեխ մը եւս խփելով թրքական ժխտողականութեան դագաղին:
2) թրքական կառավարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելով Սուրիոյ կառավարութիւնը, որ աւելի հանրայնացուց հայերու նկատմամբ թրքական ցեղասպանութիւնը:
Ամբողջ աշխարհի հայերը ողջունեցին Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ աւելի սեղմած է օղակը թրքական ժխտողականութեան շուրջ։ Ինչպէս կ՝ըսեն․ «Աւելի լաւ է ուշ, քան՝ երբեք»․․․
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը