ԱԱԾ Տնօրէնի եւ ՅՔԾ Պետի Հեռախօսազրոյցը Ձայնագրելու եւ Տարածելու Դէպքին Հանգամանքները Պարզելու Նպատակով Քննութիւն կը Տարուի

Հայաստան

ՀՀ քննչական կոմիտէին մօտ ստացուած եւ վարոյթ ընդունուած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին գաղտնիութիւնը խախտելու՝ զայն ձայնագրելու եւ տարածելու դէպքին առիթով ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մօտ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 146-րդ յօդուածի  (նամակագրութեան, հեռախօսային խօսակցութիւններու, փոստային, հեռագրական կամ այլ հաղորդումներու գաղտնիութիւնը խախտելը) 1-ին մասի  եւ 254-րդ յօդուածի (hամակարգչային տեղեկատւութեան ապօրինի տիրանալը) 3-րդ մասի 4-րդ կէտի յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

ՀՀ ՔԿ նախագահի կողմէ նախաքննութեան կատարումը յանձնարարուած է ՅԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութեան։ Ստեղծուած է քննչական խումբ, եւ արագ-հետախուզական մարմիններու հետ համատեղ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քայլեր՝ դէպքին բոլոր հանգամանքները, ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձերու շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ։

Քննութեան շահերէն մեկնելով՝ այլ մանրամասնութիւններ քննութեան այս փուլին հրապարակման ենթակայ չեն։

Ծանուցում. Ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով` դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով: