Ատրպէյճանական Զինուժը Բաղանիսը Գնդակոծած է

Հայաստան

Ատրպէյճանական զինուժը, Սեպտեմբեր 11-ին, գնդակոծած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղը, տուժածներ չկան:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է խոշորացուած Նոյեմբերեան համայնքի ղեկավար Կարէն Աբազեան:

«Քանի մը օր առաջ ալ կրակած են, երէկ ալ երեկոյեան քանի մը անգամ կրակեցին»,- ըսած է ան:

Համայնքի ղեկավարին խօսքով` վերջին 6 օրուան ընթացքին ատրպէյճանական զինուժը գիւղը գնդակոծած է երկու անգամ: Կարէն Աբազեան նշած է, որ նախապէս կրակոցները այդքան յաճախակի չէին ըլլար։