Յորդանանի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկուեցան Համագործակցութեան Ուղղութիւնները

Հայաստան

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ մատակարարման նախարար Թարիք Համուրիի եւ իրենց գործընկեր «NatHealth» ազգային առողջապահական ապահովագրութեան կառավարման ներկայացուցիչներուն հետ:

Կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան ուղղութիւնները՝ բժշկական զբօսաշրջութիւն, առողջապահութեան ապահովագրութիւն եւ այլն:

Թարիք Համուրի ներկայացուց առողջութեան ապահովագրութեան նորարարական գործիքներու կիրարկումը Յորդանանի մէջ՝ դիտել տալով, որ անոնք շահեկան եղած են երկրին համար:

Ապահովագրութեան կառավարման ներկայացուցիչները տեղեկացան, որ «NatHealth»ը կ՛առաջնորդուի համացանցին վրայ հիմնուած «Claim» բժշկական հարթակով, կը գործէ «Սմարթ քարտերով»՝ օգտագործելով կազմակերպութեան  կողմէ բժիշկներուն եւ դեղատուներուն բաշխուած «փլանշեթ»ները:

Վերջիններս փափաք յայտնեցին Հայաստանի մէջ տեղական գործընկեր գտնելու՝ փորձառութեան փոխանակման համար:

Արսէն Թորոսեան նշեց, որ առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան փաթեթը Հայաստանի մէջ քննարկումներու փուլի մէջ է եւ նախատեսուած է ներդրել 2022-ին:

Կողմերը համաձայնեցան օգտուիլ այս այցելութենէն եւ երկուքին փորձագէտներուն միջեւ քննարկումներ կազմակերպել՝ ապահովելով մասնագիտական կարծիքի եւ առաջարկներու փաթեթի ձեւաւորումը: