Սիրոյ Բացակայութեան…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թող անիրապաշտ, ժամանակավրէպ ու անգործնական համարուին այս տողերը, բայց կ՛ուզեմ նշել, որ այսպէս սնուած ենք մենք՝ առասպելներու եւ հեքեաթներու հաւատացողներս եւ կ՝ապրինք մեր հեքեաթները, մեր սիրով ու յոյսով շաղախուած հեքեաթները՝ իրականութիւն դարձնելու անկոտրում վճռակամութեամբ։

Կար ու չկար բարոյականութիւն հասկացողութիւնը կար, որ չէր սահմանափակուեր լոկ կուսաթաղանթով․ունէր աւելի ծաւալուն հասկացողութիւն եւ ներկայ էր մեր ազգային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Կար ու չկար մե՜ծ սիրով առաջնորդուելու եւ առաջնորդելու վճռակամութիւն կար։

Եղեռնազարկ ժողովուրդի հացի կարօտ բեկորներ, արդարութեան, ազատութեան ծարաւով, մազապուրծ անարգ մահէն ազատած, աննկարագրելիօրէն բռնաբարուած արժանապատւութեամբ, սակայն ատամներով կառչած կեանքին, ազատութեան եւ արդարութեան, կանգնած էինք միասնաբար այս արեւին տակ՝ մենք մեզ վերահաստատելու, նորէն սիրելու, յուսալու եւ հաւատալու հրամայականին առջեւ։

Եւ մշակն ու բանուորը միացան, բազմիցս ճզմելով շահագործող ցեցերը, առա՛ջ գացին, եղբայրական սիրո՛յ զէնքով հազար բարիք ժայթքեցին, անվախ քարին տակ չոքող ժողովուրդը կազմակերպ ա՛զգ դարձաւ, անսխալ խփողը, մտաւորականն ու հոգեւորականը մէկ պատնէշի մէջ մտնելով միրոնաբիւր արեամբ գրեցին՝ ամբողջ աշխարհին աչքը ծակելով, ամէնագեղեցիկ հեքեաթները… Հեքեաթնե՞ր. միթէ հեքեա՞թ է Լիզպոնը, հեքեա՞թ են մեր աշխարհասփիւռ մամուլն ու հայկական դպրոցները, մեր հաւատքի տուներն ու ակումբները։ Հեքեա՞թ են ազատ Արցախն ու անկախ Հայաստանը։

Անսակարկ ինքնամոռաց սիրոյ, բարոյականութեան, անհո՜ւն զրկանքի, տառապանքի ծնունդ են այս բոլորը։ Հազարաւոր չհամբուրուած համբոյրներու, անվերադարձ մեկնած խրոխտ հայրերու, որբացած հազարաւոր արեւ աչուկներով երեխաներու, արցունքով, արիւնով, քրտինքով երգուած, ապրող, որոտացող առասպել է սա, ի՞նչ հեքեաթ։

Բայց մենք որքա՜ն շուտ մոռցանք մեր անցեալը, երբ Երեւանի փողոցներուն մէջ ծածանող եռագոյնը իրենց ամենահամարձակ երազներուն մէջ տեսնողները, օրհնուած, բախտաւոր եւ ընտրեալ կը համարուէին։ Եթէ ասկէ երեսուն տարի առաջ, մէկը խօսէր այսպիսի հրասայլերով, թնդանօթներով, հեռահաս հռթիռներով, օդանաւներով, մարտունակութեամբ, շռնդալից յաղթանակներ տարած հայկական բանակի մասին, զինք հէյ – վա՜խ զառամած կը համարէին․

Մենք զառամած ազգ չենք. մեր սերունդը Սասունցի Դաւիթի առասպելը քանի անգամ ապրելու, շօշափելու բախտը ունեցաւ, երբ ազատագրուեցան Շուշին, Քարվաճառը, Մարտակերտը, Մարտունին ․․․Երբ սէրն ու բարոյականութիւնը կը դառնան աշխատելաոճ, ո՛չ միայն հեքեաթներ կ՝իրականանան այլ առասպելներ կը վերապրուին՝ ի զարմանս աշխարհի եւ մեզ…

Ափսո՜ս, հազար ափսոս սակայն, որ այս նորօրեայ, ազնիւ, զուլալ, միւռոնաբոյր հերոսապատումը իր զրկանքներու եւ տառապանքներու առումով, ազգովին չվերցուցինք։ Ազգին մեծամասնութիւնը տառապեցաւ, եղաւ առանձնաշնորհեալներու, տականքներու խաւ մը, որ պալատներ կառուցեց, ի Հայաստա՜ն եւ ի սփի՜ւռս աշխարհի։ Մեր լաւագոյն տղոցմէ շատերուն բաժին ինկան բանտն ու տառապանքը, համազգային զարթօնքն ու անզուգական եռանդը հազար անգամ ծախուեցան ագահութեան, անխելքութեան։ Վարջապէս ի՞նչ է այդքան միլիառներ դիզելու իմաստը, բացատրեցէք, լուսաւորեցէք մեզ։ Մարդ քանի՞ միլիառ կրնայ ծախսել այս կեանքի ընթացքին։ Լա՜ւ, քանի՞ սերունդ անհրաժեշտ է ապահովել միլիառներով… Սա խելամտութի՞ւն է, թէ անխելքութի՞ւն։

Երբ սէրն ու բարոյականութիւնը քաղաքականութիւն, գործելաոճ եւ ապրելաձեւ դառնան, կար ու չկարը կը դառնայ առօրեայ, կը ծնին շա՜տ Սասունցի Դաւիթներ, Արտաւազդը բազմի՛ցս կը փշրէ իր շղթաները եւ կ՛եղիցի ԼՈ՛ՅՍ։

Կարօ Թաշճեան

11 Սեպտեմբեր, 2018

Արագած (Լիբանան)