
Սուրբ Սարգիսի Տօնին Առիթով Հոգեւորականները Այցելած են Մարտական Յենակէտեր
Փետրուար 8-ին, Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով, Հայ եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) հոգեւոր տեսուչ Հայր Թովմա վարդապետ Խաչատրեանը, 5-րդ զօրամիաւորման եւ Երեւանի կայազօրի աւագ գունդի երէց Տէր Ենովք քահանայ Եսայեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է մարտական յենակէտեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հոգեւորականները գնահատանքի խօսքեր փոխանցած են դիրքապահներուն հայ ժողովուրդի խաղաղութեան պաշտպանութեան եւ զինուորական ծառայութիւնը բարեխղճօրէն կատարելու համար, Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնի առիթով խորհրդանշական նուէրներ` աղօթագիրքեր յանձնած զինծառայողներուն: