Յեղափոխութիւնները Ի Զօրու Չեն Քանդելու Մեր Արժէհամակարգը, եւ «Արհեստական» Մշակոյթը Անցողիկ է. Ազգագրագէտ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արդէն օրակարգային դարձած հայագիտական առարկաներու եւ առհասարակ հայագիտութիւն, մշակոյթ հասկացութիւններու մասին Yerkir.am-ը զրուցած է ազգագրագէտ Մանան Առաքելեանի հետ: Հարցազրոյցը կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնի վերածուած.

– Վերջին ամիսներուն չափազանց շատ քննարկուեցաւ հայագիտական առարկաներու` համալսարանական ծրագիրին մէջ ոչ պարտադիր դարձնելու հարցը: Դուք ի՞նչ տեսակէտ ունիք հարցին շուրջ:

– Անկեղծ ըսեմ՝ կը զարմանամ, որ այս հարցին շուրջ այլ տեսակէտ կրնայ ըլլալ: Ասիկա նոր կառավարութեան կողմէ բարձրացուած ամենախայտառակ հարցն էր: Չեմ կրնար խորանալ մեր կրթական համակարգի բացերուն մէջ, բայց ասիկա, միանշանակակ, կործանարար որոշում է: Շատեր կը փորձեն քօղարկել այս քայլին բուն նպատակը՝ համեմատելով Հայաստանի կրթական համակարգը այլ երկիրներու կրթական չափորոշիչներուն հետ, սակայն նոյն յաջողութեամբ այլ մասնագէտներ կը նշեն կրկին այնպիսի կրթական կայացած համակարգեր, ուր գերակայութիւնը կը տրուի մայրենի լեզուին: Չեմ ուզեր քանդել քաղաքական այս տհաճ թնճուկը, միայն նշեմ, որ այստեղ կը տեսնեմ յստակ նպատակ եւ, ցաւօք, այո՛, հայը իր երկրին մէջ ստիպուած է պաշտպանելու իր լեզուն իր կառավարութենէն:

Շատեր կը հակադարձեն՝ լեզուն ատով չի վտանգուիր: Ասիկա մեծ մոլորութիւն է, որովհետեւ «ոչ պարտադիր» ձեւակերպումը արդէն իսկ կ՝ենթադրէ երկրորդական կարգավիճակ, տուեալ առարկան իբրեւ ոչ կարեւոր իրողութեան ընկալում մարդու ենթագիտակցութեան մէջ: Իսկ ասիկա միշտ կ՝ունենայ հետեւանքներ: Լեզուի հետ վտանգաւոր խաղերը կը ձգեն իրենց վատթարագոյն հետեւանքները:

Այդպէս եղաւ նաեւ այն ժամանակ, երբ վերացուեցաւ դասական ուղղագրութիւնը: Կորան հազարաւոր բառարմատներ, անոնց հետ միասին՝ մեռան մեր գիտակցութեան մէջ արժէքներ, հասկացութիւններ: Միայն ուղղագրութիւնը փոխելու պատճառով կորսնցուցինք մեր լեզուի շքեղագոյն շերտը, անոր ետեւէն բառապաշարի աղքատացումը, ապա՝ ազգային վարքականոնի, նկարագրի փոփոխութիւնը:

 Ոչ պարտադիր «բաղադրիչը» պիտի գործէ միայն հայագիտական առարկաներու մասով. տարօրինակ չէ՞:

– Ամէն ինչ պէտք է նայիլ ընդհանուրի ծիրին մէջ: Ցաւօք, եթէ միայն կրթութեան ոլորտէն ներս ըլլար այսպիսի խտրական մօտեցում, ես հաւանաբար զարմանայի, սակայն տեսնելով այն, ինչ կը կատարուի առհասարակ մշակութային կեանքէն ներս, համադրելով բոլոր մեր ունեցած փաստերը, արդէն տարօրինակ չի թուիր այս քայլը: Կրկին նշեմ՝ ես յստակ նպատակ կը զգամ այս քայլերուն մէջ:

 Այդ նախագիծին դէմ ուսանողական-երիտասարդական բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան. Կ՝արդարացնէ՞ք:

– Շատ կարեւոր էր այս ցոյցերուն ըլլալը, շատ ուրախ եմ, որ տեղի ունեցան նման գործողութիւններ: Ասիկա շարք մը կարեւոր բաներ կ՝ապացուցէ, ի հեճուկս այն քայլերուն, որոնք կը տարուին այսօր:

– Հակառակ անոր, որ հայագիտութիւնը կը համարուի պետութեան զարգացման ռազմավարութիւններէն մէկը, այսօր մեր մշակութային դաշտը կը գտնուի, մեղմ խօսքով, պետութեան տեսահորիզոնէն այն կողմ: Համարենք, որ պետութիւնը մոռցա՞ծ է իր պարտականութիւնները, թէ՝ դիտմամբ չի յիշեր:

– Այս հարցին կարճ կը պատասխանեմ: Նախագիծեր կը կատարուին, սակայն անոնք շատ քիչ պիտի ներկայացնեն հայոց ազգային մշակութային ժառանգութիւնը:

– Այսօր մշակոյթի անուան տակ ամէն ինչ կը հրամցնեն մեզի: Վերջ ի վերջոյ, ո՞րն է մշակոյթը, ինչպէ՞ս տարբերենք իրականը արհեստականէն:

– Մշակոյթը այն հասկացութիւնն է, որ աշխարհի մէջ երեւի թէ ամենաշատը ունի ձեւակերպումներ: «Իրական եւ արհեստական մշակոյթներ»՝ այդպիսի ձեւակերպումներ չկան գիտականօրէն, սակայն կայ մէկ կայուն, փոխանցուող արժեհամակարգ, որ կը կազմէ ազգային մշակոյթի հիմքը: Այս արժէհամակարգը կը  ձեւաւորուի դարերու, մեր պարագային՝ հազարամեակներու ընթացքին: Այդ արժէհամակարգը ի զօրու չեն քանդելու կրօնական, քաղաքական, հասարակական ցնցումները, յեղափոխութիւնները: Իսկ մնացեալ, ձեր նշած «արհեստական» մշակութային արժէքները անցողիկ են, անոնք երբեմն կրնան ենթամշակութային շերտ կազմել հասարակութեան մէջ, սակայն ժամանակը միշտ կը յաղթէ անոնց:

– Ի հակադրութիւն հայկական մշակոյթ հասկացութեան, ոմանք կը պնդեն, որ մշակոյթը ազգութիւն չունի: Ուրկէ՞ կու գայ եւ ո՞ւր կը տանի այս «տեսութիւնը»:

– Մէկ բան համամարդկային է՝ արարելու, ստեղծելու շնորհը… Բնութիւնը վերամշակելու, վերափոխելու, իրեն յարմարցնելու ձգտումը եւս համայն մարդկութեան յատկանիշներէն մէկն է: Սակայն այստեղ արդէն կը սկսին տարբերութիւններ եւ առանձնայատկութիւններ՝ ամէն հանրոյթ իր ձեւով կը վերամշակէ բնութիւնը, այսինքն` կը կերտէ մշակոյթ: Քանի մը տարի առաջ կը փորձէին շրջանառել տարածաշրջանային մշակոյթ եզրոյթը, սակայն, տապալուեցաւ այդ փորձը: Ի վերջոյ, մեզմէ առաջ եւ մեզմէ տաղանդաւոր եւ մեծ մարդիկ ըսած են, որ չկան համամարդկային արժէքներ, իւրաքանչիւր համամարդկային արժէք իր խորքին մէջ խիստ եւ խորապէս ազգային է: Պախի երաժշտութիւնը խիստ գերմական է ներքուստ, սակայն անիկա աշխարհին հասկնալի է շատոնց: Խաչատրեանի հնչիւնները խիստ հայկական են, սակայն կը յուզեն ողջ աշխարհը: Իսկ այն, որ այսօր կը ձգտին համաշխարհայնացման անիւին տակ ճզմել ազգային ինքնութիւնը, կը խօսի այն մասին, որ նոյնինքն ազգային մշակոյթն է զարգացման, առաջընթացի գրաւականը, եւ այստեղ այլ հարց է՝ որ շատերու համար հաճելի չէ մեր երկրի, մեր եւ այլ ազգային մշակոյթներու ծաղկումը:

– Այս պահուն մշակութային դաշտի կարեւոր բացերը որո՞նք են:

– Ըստ ինծի՝ այսօր մշակութային դաշտը կայ եւ կը գործէ միայն անհատաներու գործունէութեան շնորհիւ: Կը կարծեմ՝ այդպէս եղած է միշտ, բոլոր ժամանակներուն: Հետեւապէս՝ պետութիւնը ընելիքներ ունի շատ: Շատ մեծ բաց կը  համարեմ յատկապէս երգիծական անմակարդակ հաղորդումներու հեռարձակումը: Երգիծանքը հզօր զէնք է, եւ այսօր սահմաններ եւ բարոյականութիւն չճանչցող երգիծանքը կը ներխուժէ անմեղ կերպով երգիծական հաղորդում դիտող հայկական ընտանիք, կը մտնէ` դեռ նոր հասունցող երեխայի գիտակցութեան մէջ, կը ձեւաւորէ մօտեցում, աշխարհայեացք:

– Օտար, մեզի համար խորթ ու անընդունելի մշակոյթը այսօր տարբեր խողովակներով կը մտնէ մեր կենցաղ. Ինչպէ՞ս պայքարինք այդ հոսքին դէմ:

– Միայն մէկ բառով կրնամ պատասխանել այս հարցին` ինքնաճանաչութեամբ: Սեփական տեսակի, սեփական լեզուի, մշակոյթի ճանաչութիւնը զրահ է, եւ միայն ատով հնարաւոր է դիմագրաւել այն այլասերման, որուն ճանապարհին, ցաւօք, ոտք դրած է մեծամասնութիւնը: