Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանէն Կարտինալ Քոխը

Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քոխը:

Վեհափառ հայրապետին եւ կարտինալին միջեւ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնը:

Ապա, կարտինալ Քոխ ընթրիքի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին: