
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Անդամները Այցելեցին Արամ Մանուկեանի Յուշարձանը
Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրուան առիթով, անոր յուշարձանը այցելեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու անդամներ:
«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ-ի անդամ Բագրատ Եսայեան ըսաւ. «Արամն իր ապրած ողջ կեանքով դաստիարակեց հայութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սիրել հայրենիքը, ինչպէ՛ս պէտք է սիրել ժողովուրդը, եւ նոյնիսկ իր մահով այդ դաստիարակչական աշխատանքը չդադրեցուց»:
Արժեւորելով Արամ Մանուկեանի կեանքին եւ գործունէութեան դրուագները՝ Բագրատ Եսայեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Վանի մէջ Արամի գործունէութեան, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնէն դաժան ժամանակաշրջանին ան կրցաւ համախմբել բոլոր ուժերը, ստանձնել ինքնապաշտպանական ուժերու ղեկավարումը եւ կերտել «նախապետական» միաւորումը՝ մինչեւ ռուսերուն գալը:
Արամի գործունէութեան յաջորդ կարեւորագոյն շրջանը, ըստ Բագրատ Եսայեանի, 1917-ի վերջերէն մինչեւ վաղաժամ մահն է, երբ Արամի պետականամէտ մտածողութիւնը ստացաւ իր ամենէն վառ արտայայտութիւնը: «Երբ օրհասական պահուն թրքական զինուած ուժերը, ցեղասպանելով եւ հայրենազրկելով արեւմտահայութիւնը, քանի մը ուղղութիւններով ներխուժած էին՝ ոչնչացնելու նաեւ Արեւելեան Հայաստանը եւ հայութեան մնացած բեկորները, Արամը ուղղակի կազմակերպեց Երեւանի պաշտպանութիւնը, կազմակերպեց ժողովուրդը, եւ Արարատեան դաշտավայրի քաոսը վերածուեցաւ յաղթանակի, վերածուեցաւ պետականութեան»,- նշեց ան։
Բ. Եսայեան հաստատեց նաեւ, որ «տիքթաթոր» հասկացութիւնը սովորաբար բացասական իմաստով կ՛ընկալուի, բայց Մարտ 1918-ին ժողովուրդին կողմէ Արամը «տիքթաթոր» հռչակելը բոլորովին այլ փիլիսոփայութիւն ունէր իր մէջ: «Ատիկա ժողովուրդի ներքին ձայնի, ներքին կանխազգացողութեան պոռթկումն էր՝ Արամը պէտք է դառնար տիքթաթոր, անոր կազմակերպական ունակութիւնները պիտի յանգեցնէին Մայիսեան յաղթանակներուն, եւ պիտի ծնէր հայոց պետականութիւնը: Եւ ժողովուրդի ներքին ձայնը չսխալեցաւ»,- եզրափակեց Եսայեան:
Արամ Մանուկեանի յուշարձանը այցելած ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան անդամ Անի Ազատեան դիտել տուաւ, որ նախապէս ժխտական կը տրամադրուէր անոնց նկատմամբ, որոնք չէին ճանչնար Արամ Մանուկեանը, իսկ ներկայիս այլ ձեւով կը մտածէ։ «Մենք այժմ ոչ թէ կը նախատենք բոլոր անոնց, որոնք չեն ճանչնար մեր առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը կամ անտարբեր են անոր ունեցած աւանդին հանդէպ, այլ ամէնօրեայ աշխատանքներու միջոցով կը փորձենք մեր սերնդակիցներու մէջ տարածել ինչպէս Արամ Մանուկեանի դաւանած գաղափարներն ու արժէքները, այնպէս ալ անոր եւ միւս մեր մեծերու ձգած անգնահատելի ժառանգութիւնը», յայտնեց Անի Ազատեան՝ աւելցնելով, որ եթէ այսօր աշխարհի քարտէզին վրայ կայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ պետութիւն, եւ իրենք հպարտօրէն կը ծածանեն Եռագոյնը՝ որպէս պետականութեան խորհրդանիշ, այդ բոլորին համար պէտք է խոնարհիլ Արամին եւ անոր զինակիցներուն կեանքին ու գործին առջեւ: