
Հայ Մարզուհին Ջախջախած է Հայ Զինծառայողը Կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի Քոյրը
Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է խառն մենամարտերու միջազգային մրցաշարը, ուր Հայաստանը ներկայացնող Արմֆայթինկ մասնագիտական դաշնութեան մարզուհի Կարինէ Կարապետեանը մենամարտած եւ ջախջախած է ատրպէյճանցի Ռենա Սաֆարովը, որ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի քոյրն է։
Armlur-ի տեղեկութիւններով՝ մարզուհին իր յաղթանակը նուիրած է Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին։