Արցախի Մէջ Զինծառայող Մը Վիրաւորուած է

Հայաստան

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Յունուար 28 լոյս 29-ին, ժամը 02:55-ի սահմաններուն, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Նուէր Արմանի Աւետիսեան: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Վիրաւոր զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց։ Անոր վիճակը ծանր է:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: