
ԱՄՆ Հայ Դատը Կոչ Կ՛ընէ Դատապարտելու Ատրպէյճանական Յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի Դէմ
Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է ԱՄՆ Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն Պաքուի ջարդերու 30-ամեայ տարելիցին դատապարտել Ադրբեջանի շարունակական յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ:
«Պաքուի, Սումգայիթի, Մարաղայի, Կիրովապատի արիւնոտ ջարդերէն, յետագային Արցախի դէմ ձախողած պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ Պաքուի հակահայկական քարոզչութեան, սահմանային միջադէպերու հաճախականութեան պատճառով․․․անցեալին ետդարձի ճանապարհ չկայ»,- ըսած է Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Արամ Համբարեան:
Ան նաեւ նշած է, որ պէտք է առաջ երթալ դէպի ազատ, անվտանգ եւ բարեկեցիկ Արցախի Հանրապետութիւն:
30 տարի առաջ` 1990-ի Յունուար 13-ին, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ սկսան հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերը: Ոչ պաշտօնական տուեալներով` սպաննուած է մօտ 400 հայ, իսկ ԽՍՀՄ իշխանութիւնը, սակայն, միայն 25 զոհի մասին տուեալներ հրապարակած էր: