
Ռուսիոյ Կառավարութիւնը Հրաժարական Տուաւ
Ռուսիոյ կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ Սահմանադրութեան 117-րդ յօդուածին համապատասխան: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը, յայտնած Է ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվւետեւը, կը տեղեկացնԷ «Արմենփրես»-ը:
ԹԱՍՍ-ը կը նշԷ, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհակալութիւն յայտնած է Մետվետեւին կառավարութեան աշխատանքին համար:
«Կը ցանկամ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել ինչ որ կատարուած է մեր համատեղ աշխատանքի այս փուլին, կը ցանկանմ գոհունակութիւնս յայտնել այն արդիւնքներուն համար, որոնք ձեռք բերուած են»,-ըսած Է նախագահը Կառավարութեան տան մէջ նախարարներու հետ կայացած հանդիպման ժամանակ:
«Ամէն ինչ չէ, որ յաջողեցաւ ընել, բայց երբեք ամէն ինչ չի ստացուիր ամբողջ ծաւալով»,-աւելցուցած Է պետութեան ղեկավարը:
Փութինը կառավարութեան հին կազմին յանձնարարած Է կատարել պարտականութիւնները մինչեւ նոր կառավարութեան նշանակումը:
Ինչպէս կը նշուի, նախագահ Փութին Մետվետեւին առաջարկած Է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալի պաշտօնը: