
Հայաստանի Նախագահը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեանի, Շաղիկ Մարուխեանի եւ Աշոտ Սիմոնեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական եւ տնտեսական խնդիրներուն, դատական եւ իրաւական համակարգի բարեփոխումներուն, «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքին եւ շարք մը այլ հարցերու: