Համաշխարհային Երիտասարդական Օրեր Եւ Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն Գիւմրիի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

 

Կիրակի, Յուլիս 22-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Գիւմրի քաղաքի հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ  եկեղեցւոյ մէջ, ձայնաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան` առընթերակայութեամբ Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի եւ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի մէջ քահանայապետական նուիրակ Ժոզէ արք. Պեթենքուրդ, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, տեղւոյն նախկին առաջնորդ Նշան արք. Գարաքեհէեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ, արժանապատիւ քահանաներ, հաւատացեալներ եւ Համաշխարհային երիտասարդական օրերու` Թորոս գիւղին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին տարբեր երկիրներէ եկած մօտ 260 երիտասարդներ: Արդարեւ, այս առիթով կազմակերպուած հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, ձեռամբ` Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի, եկեղեցական փոքր աստիճաններու եւ կիսասարկաւագութեան կարգերը շնորհուեցաւ Արամ Սաատոյի` խարտաւիլակութեամբ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր` Նարեկ ծ. վրդ. Նաամոյեանի:

 

Leave a Reply