Արամ Ա. Կաթողիկոս Նուէրներ Բաշխեց «Թռչնոց Բոյն»-ի Մանուկներուն (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անակնկալ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ «Թռչնոց Բոյն», ուր աւելի քան ժամ մը եղաւ մանուկներուն հետ եւ անոնց բաշխեց նուէրներ:

Տեսուչ սրբազան հայրը լայն բացատրութիւններ տուաւ մանուկներուն առօրեային առնչութեամբ:

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ տարուող աշխատանքը եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց մանուկներուն: