
Եռագոյն Շաքար․ Նուէր՝ Փաիզէն Երեւանին
Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյներով շաքարի յայտնի քանդակը պիտի զարդարէ Երեւանը: Այս մասին, ըստ Armradio.am-ի՝ լրագրողներու հետ այսօրուան հանդիպման ընթացքին ըսած է ՀՀ ԿԳՄՍ փոխնախարար Նարինէ Խաչատուրեան:
«Շաքարի քանդակը արդէն հասած է Երեւան, անիկա նուէր է՝ տրուած ՀՀ կառավարութեան։ Դեկտեմբեր 25-ին «Տաշիր սթրիթ»-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ արձանի բացման արարողութիւնը»,- նշած է փոխնախարարը։
«Կը կարծեմ, որ եւս մէկ ուրախ կէտ պիտի աւելնայ մեր քաղաքին մէջ»,- նշած է Նարինէ Խաչատուրեան:
Լոուրէնս Ճենգելի ստեղծագործութիւնները Հոկտեմբեր 15-Նոյեմբեր 14 զարդարած են Փարիզի Գէորգ V-ի յայտնի պողոտան։
Քանդակին հեղինակը եռագոյն շաքարի արձանը այդպէս ալ անուանած է՝ «Շաքար. Հայաստանի դրօշը»: