
Մենք Կը Պաշտպանենք Արցախցիներու Ազատ Ընտրութեան Իրաւունքը. Արարատ Միրզոյեան
2020-ին Արցախի մէջ կայանալիք համապետական ընտրութիւնները պէտք է ըլլան ազատ, թափանցիկ եւ մրցակցային, ինչպէս յարիր է բոլոր ժողովրդավարական հասարակութիւններուն:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, լրագրողներու հետ այսօրուան ճեպազրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան:
Ան նշած է, որ սպասուող ընտրութիւններուն ՀՀ իշխանութիւնները ցանկալի թեկնածուներ չունին: «Անձնապէս կրնանք համակրիլ այս կամ այն թեկնածուին, սակայն մենք կը պաշտպանենք արցախցիներուն ազատ ընտրութեան իրաւունքը: Իսկ ընտրութիւններուն, միանշանակ, պիտի քուէարկեն ու որոշում կայացնեն Արցախի քաղաքացիները: Պէտք է նշեմ, որ Արցախի մէջ կայացած ընտրութիւնները, եթէ համեմատենք նախորդ տարիներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն հետ, անցած են բաւական ժողովրդավար եւ մրցակցային մթնոլորտի մէջ»,- աւելցուցած է Ա. Միրզոյեան: