Ամանորի Գիշերը Երեւանի Մէջ Պիտի Բացուի Առաջին Մոլորակացոյցը

Այլեւայլ, Հայաստան

2020 թուականի Յունուար 1-ին՝ ժամը 00:00-ին, Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ պիտի բացուի Հայաստանի մէջ առաջին մոլորակացոյցը (planetarium): Անիկա պիտի ցուցադրէ ֆիլմեր տիեզերքի ծագման, աստղերու եւ մոլորակներու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ տիեզերագնացութեան եւ տիեզերական արհեստագիտութիւններու զարգացման մասին։ Այս մասին կը յայտնէ «Ա1+»-ը։

Նախագիծը ստեղծուած է Ս. Փեթերզպուրկի Մոլորակացոյց 1 խումբի (գմբէթի տրամագիծի առումով ամենամեծը աշխարհի մէջ) եւ մոլորակացոյցի առաջնակարգ ձեւաւորող Գրիգոր Մաշուրեանի կողմէ:

Մոլորակացոյցը պիտի ունենայ 14 մ տրամագիծով պաստառ եւ պիտի տեղաւորէ մինչեւ 50 մարդ: Հանդիսատեսի տեղակայումը պիտի ըլլայ յարմարաւէտ պարկերու վրայ, այդպիսով հնարաւոր պիտի ըլլայ բառացիօրէն պառկիլ եւ նայիլ աստղային երկնքին:

Մոլորակացոյցի մէջ պիտի իրականացուին նաեւ օփերային, սիմֆոնիկ եւ ճազային համերգներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հանդիսութիւններ ու ներկայացումներ: