Փենթակոնի Ղեկավարը Արձագանգած է Ինճիրլիք Խարիսխի Վերաբերեալ Էրտողանի Յայտարարութեան

Աշխարհ

Փենթակոնի ղեկավար Մարք Էսփեր արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի այն յայտարարութեան, որ եթէ ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու սահմանուին, ամերիկացի զինուորականներու համար Ինճիրլիք խարիսխը հնարաւոր է փակուի. ըստ Yerkir.am-ի` յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթին:

Ըստ անոր` նման տեղեկատւութիւնը ան ստացած է թերթերէն:

«Այնպէս որ հարկաւոր է խօսիլ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն իմ գործընկերոջ հետ` հասկնալու համար, թէ իրականութեան մէջ ինչ նկատի ունեցած են եւ որքան լուրջ տրամադրուած են»,- մանրամասնած է Էսփեր: