
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած. Թուրքիոյ Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Մեկնաբանութիւնը
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունումը:
«Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտնած է, որ բանաձեւին որդեգրումէն ետք ամերիկեան կառավարութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած:
«Իշխանութիւններու դիրքորոշումը չէ փոխուած: Մեր դիրքորոշումը արտացոլուած է ապրիլին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութեան մէջ»,- յայտնած են Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:
Յիշեցնենք, որ 24 Ապրիլ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր յայտարարութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրած էր «Մեծ եղեռն»` զգուշանալով «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումէն: